Wednesday, December 11, 2013

Նոր Խայտառակութիւն Գրողներու Միութեան Մէջ


ԵՐԵՒԱՆ.– Նախորդող օրերուն գրականութեան գծով պետական մրցանակի յանձնաժողովը իր նիստին ընթացքին որոշած է այս տարուան պետական մրցանակը տալ Գրողներու միութեան նորընտիր նախագահ Էդուարդ Միլիտոնեանին՝ անոր «Է» կոչուող գիրքին համար: Յիշեցնենք, որ ասիկա պետական բարձրագոյն մրցանակն է՝ 5 միլիոն դրամ արժէքով։

Այս որոշումը միաձայնութեամբ չէ տրուած. յանձնաժողովի քանի մը անդամներ դէմ եղած են, սակայն քուէներու մեծամասնութեամբ յաղթած է Միլիտոնեանը: Որոշումը գրողներու շրջանակին մէջ վրդովմունք յառաջացուցած է. պետական մրցանակի յանձնաժողովի անդամներ Յասմիկ Յակոբեանը եւ Արքմենիկ Նիկողոսեանը դիմում գրած են Գրողներու միութենէն հեռանալու, իսկ Գուրգէն Խանջեան դիմումնագիրով մը հրաժարած է յանձնաժողովի նախագահութենէն եւ որոշած է սառեցնել Գրողներու միութեան իր անդամակցութիւնը։

Գրողներու շրջանակին մէջ այս իրադարձութիւնները բուռն քննարկումներու դուռ բացած են, եւ գրողներէն ոմանք ըսած են, թէ Միլիտոնեան՝ «իր պետական մրցանակով կայացրեց գրողների միութեան մահավճիռը»: Անոնք կ՛ակնկալեն, որ Միլիտոնեան կը հրաժարի մրցանակի նկատմամբ յաւակնութիւններէն, եւ անիկա կը տրուի ներկայացուած յիսուն գործերէն որեւէ մէկուն, մասնաւորապէս Հրաչեայ Սարիբեկեանի գիրքին:

http://asbarez.com/arm/179842/

No comments:

Post a Comment